2016-09-06 09:23:00

Չինաստանի մէջ հանդիպում` Օպամայի եւ Փութինի միջեւ


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Չինաստանի մէջ ունեցած են նախատեսուածէն աւելի երկար հանդիպում մը` քննարկելով Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման հարցը:

«Ռոյթըրզ» նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնած է, որ երկու նախագահները շուրջ 90 վայրկեան տեւած «շինիչ» հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման, բռնարարքներու նուազեցման եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան հարցերը:

Պաշտօնատարը յայտնած է, որ երկու նախագահները համաձայնութեան մը մանրամասնութիւնները չեն քննարկած, սակայն յառաջդիմութիւն արձանագրած են «յամեցող բացերը» յստակացնելու շուրջ եւ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն թելադրած են այս շաբաթ կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպիլ համաձայնութեան մը վրայ աշխատելու համար:

Օպամա-Փութին հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցած են հանդիպում մը, սակայն երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման շուրջ գոյացնել համաձայնութիւն:

Օպամա Քսաններու խմբակի վեհաժողովին աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. «Ռուսերուն հետ բանակցութիւնները դժուար են` մեր երկիրներուն միջեւ վստահութեան բացին պատճառով»: Ան ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը «մեզ կարող պիտի դարձնէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ կանգնելու»` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակազմը Հալէպը անկանոն ռմբակոծումի կ՛ենթարկէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշած է. «Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ վճռական արդիւնքի չկրցանք հասնիլ»` աւելցնելով. «Զինադուլի գործադրման ուղին դժուար բանակցութիւններու կը կարօտի»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարած է. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` իր ամերիկացի պաշտօնակից Պարաք Օպամայի հետ ունեցած հանդիպումը, որ աւելի քան մէկ ժամ տեւեց, լաւ էր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիական եւ ուքրանական թղթածրարները»:

Փեսքով նաեւ նշած է. «Փութինի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպումի ծրագիրներ գոյութիւն չունին»:

Փութին իր կարգին յայտնած է, որ ինք համոզուած է, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ:

Քաղուած ''Ազդակ'' էն








All the contents on this site are copyrighted ©.